2014-09-23 15:01:51

''Եկեղեցին առանց սահմանի` բոլորին Մայր'' Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գաղթականութեան եւ թափառաշրջիկներու համաշխարհային օրուան պատգամը։


''Հանդուրժողականութիւնը բաւարար չէ, հարկ է համաշխարհայնացնել ընդունելութիւնը''։
Երեքշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 11,30-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, գաղթականութեան եւ թափառաշրջիկներու համաշխարհային յառաջիկայ` 18 յունուար 2015-ին օրուայ պատգամը որուն բնաբանն է ''Եկեղեցին առանց սահմանի` բոլորին Մայր''։
''Գաղթականութեան երեւոյթի համաշխարհայնացումին հարկ է համապատասխանել եղբայրսիրութեան համաշխարհայնացումով'' այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գաղթականութեան եւ թափառաշրջիկներու համաշխարհային օրուայ առթիւ հրատարակած պատգամին մէջ գտնուող անդրադարձներէն մին որուն մէջ Սրբազան Հայրը կը դատապարտէ եւ կը հրաւիրէ պայքարիլ մարդավաճառութեան ամօթալի երեւոյթին դէմ։
''Եկեղեցին առանց սահմանի` բոլորին Մայր'' խորագիրով իր պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը հաստատէ թէ Եկեղեցին իր բազուկները կը բանայ բոլորը հիւրընկալելու համար ու յատկապէս գաղթականները եւ փախստականները որոնք իրենց ետին թողած են կեանքի դժուար պահեր եւ վտանգներ։ Ան ապա կը հաստատէ թէ Եկեղեցին կազմուած է աշխարհի մէջ տարածելու ընդունելութեան եւ զօրակցութեան մշակոյթը, որուն համաձայն ոչ մէկը աւելորդ համարուած է։
Սրբազան Հայրը կ՛ընդգծէ տիեզերական համագործակցութեան ցանցի կարեւորութիւնը որ հիմնուած ըլլայ ամէն անհատի կեդրոնականութեան ու անոր արժանաւորութեան վրայ ու այս առընչութեամբ կը հրաւիրէ աւելի գործօն համագործակցութեան պետութիւններու եւ միջազգային հաստատութիւններու միջեւ, կառավարելու եւ կարգաւորելու համար գաղթականութեան երեւոյթը։ Միւս կողմէն Սրբազան Հայրը կը յանձնարարէ ջանք թափել կարելիութիւններ ստեղծելու նուազեցնելու գաղթականութեան պատճառները ընդգծելով թէ գաղթականութեան շարժումները շատ անգամ թշնամութիւն եւ անվստահութիւն կը յառաջացնեն, նոյնիսկ Եկեղեցական շրջանակներէն ներս, առանց հասկնալու այդ մարդոց կեանքի իրականութիւնը եւ կրած փորձանքները։ Յիսուս կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամին մէջ նոյնացաւ օտարականին հետ, ու բոլոր բռնութիւններու եւ շահագործումներու զոհերուն հետ ու մեզմէ խնդրեց փորձարկել մարդկային թշուառութիւնը եւ իր գործ դնել սիրոյ պատուիրանը։
Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ քաջութիւնը թոյլ կու տայ նուազեցնելու տարածքը որ մեզ կը բաժնէ մարդկային տառապանքէն։ Յիսուս միշտ սպասումի մէջ է ճանչցուելու գաղթականին ու փախստականին մէջ ու ասոր համար մեզ կը հրաւիրէ հրաժարիլ մեր ձեռք բերած բարեկեցութենէն ի սպաս ուրիշին։
Ժամանակակից հասարակութիւններու բազմամշակութային բնոյթը կը քաջալերէ եկեղեցին ընդգրկելու զօրակցութեան, հաղորդակցութեան եւ աւետարանացումի յանձնառումը։ ''Հանդուրժողականութիւն բաւարար չէ Եկեղեցին հրաւիրուած է գերազանցելու սահմանները եւ թոյլատրելու պաշտպանութեան եւ վախի վերաբերմունքէն անցք դէպի վերաբերմունք մը հիմնուած հանդիպումի մշակոյթի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.